
Նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի գերբաժակի մրցաշարքին Անթուան Շարթիէի անուան մրցումը` ախոյեան Ռիատի Պէյրութի եւ Լիբանանի բաժակակիր Պիպլոսի միջեւ:
Մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, Պիպլոս 83-77 արդիւնքով յաղթելէ ետք ախոյեան Ռիատիի (16-21, 32-39, 49-58 եւ 77-83), տիրացաւ տիտղոսին:
Մրցումին աստղը եղաւ Պիպլոսի մարզիկ Սթիւըն Պըրթ, որ նշանակեց 35 կէտ, մինչ անոր խմբակից Շերվուտ Պրաուն` 17 կէտ: Պասել Պաուժի նշանակեց 11 կէտ եւ 7 ռիպաունտ:
Ռիատիէն 18-ական կէտ նշանակեցին Արոն Հարփըր եւ Իսմայիլ Ահմետ, իսկ անոնց խմբակից Ալի Հայտար` 15 կէտ:
Նշենք, որ Պիպլոսէն կը բացակայէր Ճէյ Եանկպլատ (վիրաւոր):
Օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր Մարուան Էկօ, մինչ անոր օգնականներն էին Ռապպահ Նըժէյմ եւ Փոլ Սըքայեմ: