Բանանցի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբին մարզահամալիրին մէջ աւարտեցան արուեստական խոտով ծածկուած նոր մարզադաշտին աշխատանքները:
Այսուհետեւ Բանանցի խումբերը պիտի մարզուին այս դաշտին վրայ, որուն տեղադրումին օժանդակեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Բացի ատկէ, մարզահամալիրին մէջ պատրաստուած է նաեւ արուեստական խոտով ծածկուած նոր փոքր խաղադաշտ մը:
Վերանորոգուած է նաեւ Բանանցի փակ մարզահամալիրը եւ այժմ կ՛ընթանայ խոտով ծածկելու աշխատանքին վերջին հանգրուանը, լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: