Մարզական

Անգլիական Ֆութպոլ

- Լայսթըր Սիթի Պարտուեցաւ «Էնֆիլտ»-ի Մէջ - Արսենալ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Ձախողեցան Օտար Դաշտերու Վրայ Լիվըրփուլի յաղթական կազմը Շաբաթ, 26 դեկտեմբերին, տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Լիվըրփուլի դաշտէն` «Էնֆիլտ»-էն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քրիսթիան Պենթեքէ (63-րդ): Սակայն անոր կրած այդ պարտութենէն չկրցաւ օգտուիլ Արսենալ, որ...

Կուարտիոլա Մանչեսթըր Սիթիի Հետ Տարեկան Պիտի Գանձէ 25 Միլիոն Եւրօ

Ըստ «Պիլտ» մարզաթերթին, Մանչեսթըր Սիթիի յաջորդ տարեշրջանի մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլա (այժմ` Պայէրն Միւնիխ), տարեկան իր ակումբէն պիտի գանձէ 25 միլիոն եւրօ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի հանդիսանայ աշխարհի ամէնէն շատ վճարուող մարզիչը: Նշենք, որ ներկայիս ան գերմանական իր ակումբին հետ կը գանձէ 12 միլիոն եւրօ: Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս ան Պայէրն Միւնիխի հետ իր պայմանագրութիւնը չնորոգեց եւ որոշեց մարզիչի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Կիրակի Օր` Ումմալ Թրիփոլի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 27 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հիւսիս, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Ումմալ Թրիփոլիի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Զղարթայի մէջ: Նշենք, որ այս հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենան երկու ճակատումներ: Ստորեւ` կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 10-ՐԴ...

Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Արթուր Ալեքսանեան Հայաստանի Լաւագոյն Մարզիկը

Լուսանկարը՝ ArmSport.am-ի Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ Հայաստանի տարուան` 2015-ի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին, հաղորդեց ArmSport.am: «Ինծի համար մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է այս իրագործումը` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Հայաստան մարզական երկիր է եւ այս ծիրին մէջ հարուստ պատմութիւն ունի: Իսկ ըլլալ այս...

Հենրիխ Մխիթարեան` Հայաստանի 2015-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 2015 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացաւ ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Այսպիսով, ան վեցերորդ անգամ ըլլալով իր ասպարէզին ընթացքին, իսկ հինգերորդ անգամը ըլլալով` վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին, տիրացաւ այս տիտղոսին: Քուէարկութեան արդիւնքներուն ընթացքին անոր անունը 45 անգամ նշուած է առաջին դիրքին վրայ, իսկ մէկ անգամ ալ` երկրորդ: Ան...

Մարտ 2016-ին  Հայաստան – Պիելոռուսիա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցո՞ւմ

Մարտ 2016-ին Հայաստան – Պիելոռուսիա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցո՞ւմ

ArmSport.am հաղորդեց, որ 21-29 մարտ 2016-ին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շատ հաւանաբար Երեւանի մէջ պիտի կատարէ բարեկամական երկու հանդիպումներ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարէ շարք մը երկիրներու հետ: Արդէն իսկ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է Պիելոռուսիոյ հետ, եւ այս ուղղութեամբ այս շաբաթավերջին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կրնան յստականալ: Կը նախատեսուի, որ հայրենի կազմը 30 մայիսէն 7 յունիս բարեկամական շարք մը այլ...

Փինկ Փոնկ. Նատուա Քամաթիէ Լիբանանին Ապահովեց Պրոնզ Մետալ Մը

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Շարմ Շէյխի մէջ (Եգիպտոս) աւարտեցաւ փինկ փոնկի արաբական ակումբներու 27-րդ ախոյեանութիւնը` հսկողութեամբ փինկ փոնկի արաբական ֆետերասիոնին: Թէեւ աղջկանց այս ախոյեանութեան Լիբանանը ներկայացնող Նատուա Քամաթիէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրեց, սակայն բաւարարուեցաւ Լիբանանին ապահովելով պրոնզ մետալ մը: Խումբը կրեց միայն երկու պարտութիւն, այդ ալ` Զամալեքէն (3-2) եւ ախոյեան հանդիսացած եգիպտական այլ կազմէ մը` Ահլիէն (3-2): Լիբանանեան կազմին...

Թենիս. Տիոքովիչ Եւ Ուիլիըմզ` 2015-ի Լաւագոյն Մարզիկները

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց 2015-ի լաւագոյն մարզիկներուն անունները, յայտնեց ITF-ի պաշտօնական կայքը: Լաւագոյն թենիսմենը ճանչցուեցաւ սերպ Նովաք Տիոքովիչ, իսկ լաւագոյն թենիսվումընը` ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ: Նշենք, որ 28 տարեկան Տիոքովիչ յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան տիրացած է ATP-ի 11 տիտղոսի: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ուիլիըմզի, որ յաջորդաբար 6-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, ան այս տարեշրջանին...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Ս. Ծննդեան Տօնի Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մարզիկները Տիրացան 4 Մետալի

Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Ս. Ծննդեան Տօնի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մարզիկները Տիրացան 4 Մետալի

Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնը կազմակերպեց Ս. Ծննդեան տօնի Քինտայի մրցաշարք մը` 6-11 տարեկան դասակարգերուն մէջ, Պուտտա ակումբին մէջ` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիրի, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնին այլ անդամներուն: Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա խօսեցաւ մրցաշարքին օրէնքներուն մասին` յոյս յայտնելով, որ մարզական ոգին ըլլայ տիրապետողը: Օրուան անակնկալը եղաւ ներկայութիւնը Կաղանդ պապուկին, որ նուէրներ բաժնեց...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը հրապարակելէ բացի, ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Վաւերացուած մրցումներուն կարգին եղաւ նաեւ Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի - ՀՄՄ մրցումը (1-1), որ կ՛իյնայ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ: Իրենց...

Մխիթարեան` 77-րդ Դիրքին Վրայ

Անգլիական «Տը Կարտիըն» պարբերաթերթը ներկայացուց տարուան լաւագոյն 100 ֆութպոլիստներուն ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Հայաստանի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստը կը գրաւէ 77-րդ դիրքը: Սակայն ամբողջական ցանկը ցարդ չէ հրապարակուած:

Դահուկարշաւ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Աւարտեց Իր Ելոյթները

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am յայտնեց, որ Հայաստանի աղջկանց դահուկարշաւի հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներու շրջանին բաժակի մրցաշարքին: Հայաստանի 2 ներկայացուցիչները` Լիլիթ Տօնոյեան եւ Քաթիա Գալստեան, 1-2 քմ ազատ ոճի մրցումներուն յաջորդաբար գրաւեցին 43-րդ եւ 44-րդ դիրքերը` 44 մասնակցողներուն մէջ, իսկ 20 տարեկանէն վար մրցումներուն Աննա Մխիթարեան 70-րդ դիրքը`...

Տեմիըն Տաֆ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Տեմիըն Տաֆ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Չելսիի, Ֆուլհեմի եւ Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Տեմիըն Տաֆ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ լքեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան Չելսիի հետ երկու անգամ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան, իսկ Իրլանտայի հետ 100 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ:

Նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան Ներկայացուց 2015 Տարուան Իրագործումները

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան ներկայացուց տարուան իրագործումները` անդրադառնալով 2015-ին կատարուած աշխատանքներուն, յառաջիկային կատարուելիքներուն եւ արդիւնքներուն: Նախարար Ղազարեան նշեց, որ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կոյրերու ճատրակի ախոյեանութիւնը, ինչ որ կը նկատուի բաւական կարեւոր իրագործում մը: Ան նշեց այն կարեւոր կէտը, որ սերտացած է ազգային ֆետերասիոններու հետ համագործակցութիւնը: Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ պետական պիւտճէին` նշելով, որ ֆետերասիոններուն...

Մաթիչ` Սերպիոյ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Չելսիի միջնապահ Նեմանիա Մաթիչ ճանչցուեցաւ իբրեւ Սերպիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին եւս 27 տարեկան Մաթիչ տիրացած էր նոյն մրցանակին:

Ճատրակի Ս. Ծննդեան Տօնի Մրցաշարք. Ֆատի Իտ Տիրացաւ Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Ֆրեր - Ֆըրն Շըպպեք ակումբին տեղի ունեցաւ ճատրակի Ս. Ծննդեան տօնի մրցաշարք մը` հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան: 7 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքին ապահովելով 6,5 կէտ, տիտղոսին տիրացաւ Ֆատի Իտ, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց նոյնքան կէտ ապահոված Օմար Ժաուիշը: 5,5 կէտ ապահովելով երրորդ դիրքը գրաւեց սուրիացի Պահաէտտին Տարուիշ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբին...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5-0 Արդիւնքով Յաղթեց Մեթընի

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, 5-0 արդիւնքով յաղթեց Մեթըն խումբին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը, ամրապնդեց իր 3-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 19 կէտ: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութ (Ա. խմբակ) նախորդ շաբաթավերջին մրցում չկատարեց: Ստորեւ` Բ. խմբակին դասաւորումը.  ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս Աւարտականի Առաջին Մրցումը` Հինգշաբթի, 14 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Կատարելիք Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը: Տարեշրջանը կը սկսի շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Շանվիլ - ՀՄԸՄ բացման մրցումով, որ տեղի կ՛ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ: ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ իր առաջին մրցումը կը կատարէ չորեքշաբթի, 27 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ 5-րդ հանգրուանին ծիրին...

Պլեթըր Եւ Փլաթինի 8-ական Տարիով Կախակայուեցան

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերին, ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի 8-ական տարիով կը կախակայուին` նկատի ունենալով, որ անոնք ամբաստանուեցան փտածութեան յանցանքով: Նախորդ հոկտեմբերին ժամանակաւորապէս կախակայուած երկու անձնաւորութիւնները ՖԻՖԱ-ին կողմէ նաեւ տուգանքի ենթարկուեցան, երբ կատարուած հետաքննութիւններէն ետք ի յայտ եկաւ, որ Պլեթըր 2011-ին 2,02 միլիոն ամերիկեան տոլարի վճարում...

Ճատրակ. Եւրոպայի Արագ Ախոյեանութիւն. Հրանդ Մելքումեան` Արծաթէ Մետալակիր

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Մինսքի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը Իվան Փոփովի (Ռուսիա) յաղթանակով: Վերջինս առաւելագոյն 11 կէտէն 10 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրանդ Մելքումեան ապահովելով 9,5 կէտ հանդիսացաւ 2-րդ եւ տիրացաւ արծաթ մետալին: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Տիգրան Պետրոսեան, 6 ուրիշներու նման ապահովեց 9 կէտ: Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով Պետրոսեան գրաւեց 6-րդ դիրքը, մինչ 3-րդ...

Page 1151 of 1276 1 … 1,150 1,151 1,152 … 1,276

Արխիւներ