
Քաթալոնական Պարսելոնան պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ ֆութպոլի աշխարհի ակումբներու ախոյեան:
Ճափոնի մէջ երէկ տեղի ունեցած աւարտականին, Եւրոպայի ախոյեանը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Լիպերթատորեսի բաժակակիր` արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթի:
Եոքոհամա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցումին առաջին իսկ վայրկեաններէն, Պարսելոնա ունէր մեծ առաւելութիւն, բայց առաջին կոլը նշանակուեցաւ միայն 36-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի: Երկրորդ կիսախաղին Լուիս Սուարես նշանակելով երկու կոլեր, դարձաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ 5 կոլ կը նշանակէ աշխարհի ակմբային ախոյեանութեան մէկ մրցաշարքի ընթացքին:


