
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք), կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» պարգեւատրեց 2015-ի բոլոր մրցանակակիրները, որոնք տիրացան տարբեր տեսակի մրցանակներու` այս տարուան ընթացքին:
Այս հանդիսութեան ընթացքին շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը փոխանցուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որ հովանաւորեց Արզի ռելին:
Շնորհակալութեան խօսքեր փոխանցուեցան նաեւ հովանաւոր ընկերութիւններուն, լիբանանեան բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, Կարմիր խաչին եւ այլ կազմակերպութիւններու, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին, նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս յաջողցնելու բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը` ռելիի աշխարհին մէջ:
Վերջապէս, կազմակերպիչ ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց մարզական մամուլին, որ միշտ ներկայ եղաւ բոլոր մրցումներուն:


