Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը կը սկսի շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ Ա. հանգրուանի բացման մրցումին Շանվիլ իր դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը:
2-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Պիպլոսի (հինգշաբթի, 7 յունուար), իսկ 3-րդ հանգրուանին, Սանթրալի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Լուէյզիի (երկուշաբթի, 11 յունուար):
4-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք, որովհետեւ խումբերը անզոյգ են:
5-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ իր մրցումը կը կատարէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ չորեքշաբթի, 27 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Երթի մրցումներուն յայտագիրին կ՛անդրադառնանք հետագային:


