Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 20 դեկտեմբերին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Մեթըն խումբին դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 22:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կ՛արձանագրէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:
Կ՛ակնկալուի, որ այս մրցումին եւ յաջորդող մրցումներուն եւս նոյն ընթացքը շարունակուի:
Նշենք, որ Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ շաբաթավերջին մրցում չունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը` ամերիկեան դեսպանատան խումբը, քաշուեցաւ ախոյեանութենէն: