Մարզական

Եուրօ-2016-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքէն Ետք. Տել Պոսքէ Պիտի Աւարտէ Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն ետք վերջ պիտի դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան յայտնեց, որ այս որոշումին պատճառներէն մէկը առողջութիւնն է:

Ռէալ Մատրիտի Համակիրներուն Կէսը Կ՛ուզէ Մուրինիոյի Վերադարձը

Սպանական «ԱՍ» պարբերաթերթը իր ընթերցողներուն ուղղած է հարցում մը` իմանալու համար անոնց կարծիքը մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի վերադարձին գծով: Այդ հարցումին պատասխանողներուն 49,5 առ հարիւրը կ՛ուզեն Մուրինիոյի վերադարձը: Նշենք, որ Մուրինիօ 2010-էն 2013 եղած է Ռէալ Մատրիտի մարզիչը:

Փետրօ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ «Լա Լիկա»

Ըստ սպանական մամուլին, Պարսելոնայի նախկին մարզիկ Փետրօ, որ այս տարեշրջանին սկիզբը միացաւ Չելսիի, շատ հաւանաբար յառաջիկայ յունուարին, երբ մարզիկներու փոխանցումները վերսկսին, իր կազմը լքելով միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտի: Ինչպէս կը յայտնէ «Տոն Պալոն»-ը, Աթլեթիքոյի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու համար 28 տարեկան Փետրոն, որուն փոխանցումին համար Չելսի Պարսելոնային վճարեց 25 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ...

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ Թրիփոլի Աղջկանց Բարեկամական Մրցում

Պասքեթպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Մութթահետ Թրիփոլիի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը` նոր տարեշրջանին նախօրեակին այժմէն իսկ զօրավիգ կանգնելու համար խումբին:

Արթուր Ալեքսանեան` Հայաստանի Ամէնէն Ազնիւ Մարզիկը

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան ճանչցուեցաւ Հայաստանի ամէնէն ազնիւ (Best play True Athlete) մարզիկը, այս մասին տեղեկացուց, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանը, 2015-ին Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն կարգին ամէնէն շատ խթանիչ դեղերու գործածութեան քննութիւններու ենթարկուած է. իւրաքանչիւր 40 օրը 1 անգամ: Թեկնածուներուն կարգին...

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան (Ապպա)  Մասնակցութիւնը Լիբանանի  Անկախութեան Բաժակի Մրցումներուն

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան (Ապպա) Մասնակցութիւնը Լիբանանի Անկախութեան Բաժակի Մրցումներուն

Հայ սեւ գօտիներու միութեան (ԱՊՊԱ) մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի Ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի Անկախութեան բաժակի մրցումներուն: Մրցումները տեղի ունեցան 29 նոյեմբեր 2015-ին, Անթունիէ վարժարանին մէջ: Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը մասնակցեցաւ 6 մարզիկներով եւ արձանագրեց հետեւեալ պատուաբեր արդիւնքները. Վարդան Գիրազեան - ոսկի մետալ Յակոբ Ֆստըքճեան - ոսկի մետալ Արամ Կորկոտեան - ոսկի մետալ Րաֆֆի Սարգիսեան - ոսկի մետալ...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզի 25-րդ Յաղթանակը, Սիքսըրզի 26-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 12 ճակատումներ: Շարունակելով իր ձախող ելոյթներուն շարքը, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ այս անգամ Աթլանթա Հոքսէն կրեց իր 26-րդ պարտութիւնը` 127-106 արդիւնքով: Նշենք, որ Սիքսըրզ ցարդ արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 25-րդ յաղթանակը, երբ իր դաշտին վրայ 128-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆէոնիքս Սանզը: Նշենք, որ Ուորիըրզ կրած է...

Յովհաննէս Համբարձումեան` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Ամէնէն Սուղ Յետսապահը

Մակեդոնական Վարտար ակումբի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեանին փոխանցման արժէքը բարձրացաւ: 25 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը 500 հազար եւրոյէն բարձրացաւ 750 հազար եւրոյի, կը յայտնէ «Թրանսֆըրմարքեթ» կայքը: Ասիկա կը նշանակէ, որ Համբարձումեան այսպիսով դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ամէնէն սուղ յետսապահը, լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

«Պոքսսփորթ» Պիտի Ընտրէ 2015-ի Լաւագոյն Կռփամարտիկը Արթուր Աբրահամ` Թեկնածուներուն Կարգին

«ՊոքսՍփորթ» մարզաթերթը որոշեց քուէարկութեամբ ընտրել 2015-ին Գերմանիոյ մէջ հանդէս եկող լաւագոյն կռփամարտիկը: Այդ թեկնածուներուն կարգին է նաեւ WBO-ի գերմիջին կարգի ախոյեան Արթուր Աբրահամ: ArmSport.am, որ հրապարակեց այս լուրը, յայտնեց, որ թեկնածուներուն կարգին են նաեւ Վլատիմիր Քլիչքօ, Ռոպերթ Շթիքլից եւ ուրիշներ:

Չելսի Պաշտօնանկ Ըրաւ Մուրինիոն

Ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի հրապարակած լուրին, երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Չելսի յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր փորթուգալցի մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիոն: Այս տարեշրջանին Չելսի 16 մրցումի ընթացքին ապահովեց միայն 15 կէտ` կրելով 9 պարտութիւն: Մորինիոյի յաջորդին մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի:

Պոաթենկ Իր Անունը Արձանագրեց «Կինես»-ի Մրցանիշներու Գիրքին Մէջ

Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ժըրոմ Պոաթենկ իր անունը արձանագրեց «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Արդարեւ, ան «Պունտըսլիկա»-ի գծով կատարեց անպարտելի մրցումներու շարք մը, որ բաղկացած է 56 մրցումէ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին, 3 նոյեմբեր 2012-էն 19 դեկտեմբեր 2014, ան պարտութիւն չկրեց իր ակումբին հետ: Նշենք, որ նախապէս «Կինես»-ի մէջ, իր անունը արձանագրեց Լեհաստանի...

Սուարեզի Հեթրիքը Պարսելոնան Հասցուց Աւարտականին

Երէկ յետմիջօրէին աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան կիսաւարտականին ծիրին մէջ, Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կուանկժուի: Լուիս Սուարեզ հեթրիք մը իրագործելով (39-րդ, 50-րդ եւ 67-րդ) իր կազմը հասցուց աւարտականին: Աւարտականին Պարսելոնա կը մրցի Ռիվըր Փլէյթի դէմ:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Շալքէ – Հոֆընհայմ Եւ Նիս – Մոնփելիէ

Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:30-ին, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ` եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ: «Պունտըսլիկա»-ի 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, Շալքէ (8-րդ) կը հիւրընկալէ Հոֆընհայմը (17-րդ): Իսկ Ֆրանսայի մէջ 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին գծով տեղի կ՛ունենայ Նիս (5-րդ) - Մոնփելիէ (13-րդ) մրցումը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Թատամոն Սուր – ՀՄԸՄ Մրցումը` Կիրակի Օր

Երէկուան մեր մարզական էջով լոյս տեսած` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ժողովին լուրին մէջ հրապարակուեցաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցումներուն յայտագիրը: Ինչպէս նշուած էր, Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով Թատամոն Սուր - ՀՄԸՄ 10-րդ հանգրուանի մրցումը պիտի կատարուի շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Սակայն, Թատամոն Սուրի պատասխանատուները ֆետերասիոնին դիմելով խնդրեցին, որ նախապէս հրապարակուած յայտագիրին հիմամբ այս մրցումը...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Պիտի Սկսի Շաբաթ, 2 Յունուարին

Նախանցեալ օր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) գումարեց շաբաթական իր հերթական ժողովը` ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին: Ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար յայտարարեց, որ համաձայնագիրի մը կնքումը տեղի ունեցաւ «OMD-Pepsi» ընկերութեան հետ, որ պիտի ըլլայ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան հովանաւորը: Ակումբներուն...

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան յաղթեց Միհայիլ Վարոնինի բաժակի մրցաշարքին: Հայ մարմնամարզիկը բազմամարտի մրցումներուն լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգելով դարձաւ Վարոնինի միջազգային 22-րդ մրցաշարքի ոսկի մետալակիրը: Արծաթէ մետալին տիրացաւ ռուս մարմնամարզիկ Նիքիթա Նակորնին, իսկ պրոնզէ մետալին` ճափոնցի մարզիկ մը: Նշենք, որ Մոսկուայի ողիմպիական աւանին մէջ տեղի կ՛ունենայ...

Ճատրակ.  Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին` Ս. Ծննդեան Մրցաշարք

Ճատրակ. Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին` Ս. Ծննդեան Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ-ֆըրն Շըպպեք ակումբին, կիրակի, 20 դեկտեմբերին, անոր վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան: Մրցաշարքը, որ կը սկսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կ՛ընդգրկէ 7 հանգրուան, իւրաքանչիւրը` 15 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնայ 5 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար: Տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ 250 հազար լիբանանեան ոսկի, ապա անոր ետին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները յաջորդաբար կը...

Արոնեան Եւ Մխիթարեան` Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկի Թեկնածուներուն Ցանկին Մէջ

Հայաստանի մարզական լրագրողներու ֆետերասիոնը դարձեալ կը կատարէ արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած տարուան լաւագոյն մարզիկի մրցանակաբաշխութիւնը, այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի լաւագոյն մարզիկի կոչման համար պիտի պայքարին հետեւեալ 14 մարզիկները. ԹԵՔՈՒԱՆՏՕ.- Արման Երեմեան` Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԻՒՆ.- Յարութիւն Մերդինեան` աշխարհի բաժակի մրցաշարքի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Արթուր Դաւթեան`...

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզի 4-րդ Յաղթանակը, Սելթիքսի 11-րդ Պարտութիւնը

Ճէյմս Հարտեն աջին` երէկուան մրցումին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած չորս ճակատումներուն ընթացքին Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 4-րդ յաղթանակը, երբ 113-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Միլուոքի Պաքսը: Ի նպաստ Լէյքըրզի, Քոպի Պրայընթ նշանակեց 22 կէտ: Թէեւ Ճէյմզ Հարտեն (Հիուսթըն Ռոքեթց) նշանակեց 33 կէտ, սակայն անոր կազմը 107-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաքրամենթօ...

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. Անճելոթթի` Պայէրն Միւնիխի Յաջորդ Մարզիչը

Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Քարլօ Անճելոթթի դարձեալ աշխատանքի պիտի սկսի Պայէրն Միւնիխի հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Մէյլ»: Աղբիւրին համաձայն, միւնիխցիներուն այժմու մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլա, հրաժարած է երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը: Կուարտիոլայով մօտէն հետաքրքրուած կը թուին ըլլալ Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտէն հեռանալէն ետք Անճելոթթի ըսաւ, որ առողջական պատճառներով մէկ տարուան արձակուրդ առնելէ ետք, իր...

Page 1153 of 1276 1 … 1,152 1,153 1,154 … 1,276

Արխիւներ