Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Հրաչ Եաքան, որ նախորդ մարտէն ի վեր հանդէս կու գայ զուիցերիական Սերվեթ ակումբին հետ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այս տարեշրջանին իր ունեցած ելոյթներուն եւ հաւաքականին հետ խաղալու իր ունեցած փափաքին:
«Տարին կրնամ յաջող նկատել, որովհետեւ ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ Սերվեթի հետ: Անոր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ մաս կազմեցի: Ներկայիս շարք մը խումբեր հետաքրքրուած են ինձմով, բայց յստակ ոչինչ կայ: Ինքզինքս բաւական լաւ կը զգամ խումբին հետ:
«Խօսելով Հայաստանի հաւաքականին մասին, ինչպէս բոլոր հայ ֆութպոլիստները, ես ալ կը փափաքիմ Հայաստանի հաւաքական հրաւիրուիլ», ըսաւ 26 տարեկան ֆութպոլիստը:
Սակայն հայ ֆութպոլիստը աւելցուց, որ ցարդ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իրեն հետ կապ չէ հաստատած այդ առնչութեամբ: