Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Պայէրն Միւնիխի կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ Քարլօ Անճելոթթի պիտի ըլլայ խումբին նոր մարզիչը` փոխարինելով Եոսիփ Կուարտիոլան, որ ուզեց այս տարեշրջանին աւարտէն ետք լքել իր պաշտօնը:
Ակումբի նախագահ Քարլ Հայնց Ռումընիկէ ըսաւ. «Մենք շնորհակալ ենք Կուարտիոլայի կատարած աշխատանքին եւ յաջող ելոյթներուն համար: Անճելոթթի մեծ կարեւորութիւն ունի մեզի համար, եւ մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք անոր հասնելուն»:
Նշենք, որ Անճելոթթի, որ յառաջիկայ ամրան պիտի սկսի իր աշխատանքին, երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պայէրնի հետ: