Ռուսիոյ Խանթի-Մանսիյսք քաղաքին մէջ ընթացող քարիւղի երկիրներու բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող 4 բռնցքամարտիկներէն աւարտականի հասաւ Ռաֆայէլ Սիմոնեան (91 քկ), որ առաջին մենամարտին նաք-աութի ենթարկեց Չինաստանի ներկայացուցիչը, իսկ 19 դեկտեմբերին յաղթեց ուքրանացի բռնցքամարտիկին: Աւարտականին Ռաֆայէլ կը մրցի Գերմանիան ներկայացնող մարզիկին հետ:
Գոռ Երիցեան (64 քկ) քառորդ աւարտականին յաղթեց մոլտովացի բռնցքամարտիկին, իսկ կիսաւարտականին պարտուեցաւ Ռուսիոյ պատուիրակէն եւ նուաճեց պրոնզէ մետալը:
Քարիւղային երկիրներու աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին 30 երկրի ներկայացուցիչներ: