Պորուսիա Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Միքայէլ Ցորքը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբը առաջնահերթ նպատակ ունի Հենրիխ Մխիթարեանին նոր պայմանագիր մը առաջարկել:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ի ամրան:
Ըստ Sportal.de կայքին, նոր պայմանագիրին երկարաձգումով Մխիթարեանի աշխատավարձը տարեկան 5,5 միլիոն եւրոյէն կրնայ բարձրանալ 7,5 միլիոն եւրոյի:
Բնականաբար, ասիկա արդիւնք է գերմանական ակումբին հետ Մխիթարեանի ունեցած բացառիկ խաղարկութեան, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: