Պրազիլական Քորինթիանսի հայազգի միջնապահ Վակներ Գդիկեան յաջորդ տարի պիտի հրաւիրուի Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքական: Այս մասին կը յայտնէ «Պաքեթ Կրուփ Սփորթց Մենեճմընթ» գործակալութիւնը, որ կը հանդիսանայ 19 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչը:
Կը նշուի նաեւ, որ Գդիկեանով հետաքրքրուած են նաեւ փորթուգալեան եւ հայկական ֆութպոլի խումբեր, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: