Գերմանիոյ ֆութպոլի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան առաջին շրջանի լաւագոյն մարզիկը գերմանական «Քիքըր» թերթի վարկածով Պայերն Միւնիխի միջնապահ Տուկլաս Քոսթան է, որուն կը յաջորդէ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Երրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի Պայերն Միւնիխի գերմանացի միջնապահ Թոմաս Միւլեր: