Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Քինկզ Պարտուեցաւ Բայց Տեմարքուս Քուսինս Նշանակեց 56 Կէտ

Տեմարքուս Քուսինս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 9 ճակատումներէն երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք (մէկը` երկրորդ երկարաձգումէն ետք): Բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, Սաքրամենթօ Քինկզ իր դաշտին վրայ երկրորդ երկարաձգումէն ետք կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 129-128 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Շարլոթ Հոռնեթցէն: Հակառակ ասոր սակայն, Քինկզի մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 56 կէտ: Երկարաձգումէն...

Խոաքին Պօղոսեան` Կոլի Հեղինակ

Ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան արժանթինեան իր ակումբին` Արսենալ Սարանդի հետ նոր տարեշրջանէն առաջ կատարեց ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` Ֆրանտրիայի դէմ: 28 տարեկան ֆութպոլիստը այս մրցումին նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:  

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Գասպարեան, Ուիլիըմզ, Շարափովա Եւ Ֆետերեր Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ուիլիըմզ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Շարափովան. Տիոքովիչ Եւ Պերտիչ` Յաղթական

Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց 5-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովային: Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 4-րդ դասուած Ակնիեսցքա Ռատուանսքա (Լեհաստան), որ 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան...

Պարսելոնա Մտադիր Է Ռաքիթիչի Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել

«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնա կը մտադրէ խումբին մաս կազմող միջնապահ Իվան Ռաքիթիչի պայմանագրութիւնը երկարաձգել` յայտնապէս գոհ մնալով անոր խաղարկութենէն: Կը կարծուի, որ խրուաթ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի այն ժամանակ, երբ Նէյմար եւ Սերճիօ Պուսքեթց նոր համաձայնագիրներով պիտի երկարաձգեն իրենց պայմանագրութիւնները: Պարսելոնայի հետ Ռաքիթիչի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2019: Նշենք, որ «Լա լիկա»-ին գծով Ռաքիթիչ մասնակցած է...

Ռէալ Մատրիտ 100 Միլիոն Եւրօ Պատրաստ Է Վճարելու Լեվանտովսքիի Համար

«Տը սան» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է Պայէրն Միւնիխին 100 միլիոն եւրոյի գումար մը առաջարկելու` ձեռք ձգելու համար անոր յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքին: Լեվանտովսքիով հետաքրքրուած է նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այս ամրան ընթացքին պիտի փորձէ ձեռք ձգել անոր ստորագրութիւնը, մանաւանդ որ խումբէն կրնան հեռանալ Զլաթան Իպրահիմովիչ եւ Էտինսոն Քաւանի: Սակայն արդեօք Պայէրն Միւնիխ պիտի ուզէ՞ ձերբազատիլ իր յառաջապահէն,...

Օպամեյանկ Չի Փափաքիր Վերադառնալ Ֆրանսա

  Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ հերքեց շրջան ընող այն լուրերը, ըստ որոնց, ինք պիտի տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն: Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահը ըսաւ, որ ատիկա կրնար տեղի ունենալ նախորդ տարեշրջանին, բայց ոչ` ներկայիս կամ ասկէ ետք: Նշենք, որ ան 2013-ին Սենթ Էթիենէն միացաւ Տորթմունտի:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Կրեց Իր 4-րդ Պարտութիւնը Թատամոնէն` 82-66 Արդիւնքով

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Թատամոն արձանագրեց տարեշրջանի իր 3-րդ յաղթանակը` 82-66 արդիւնքով (28-15, 45-33, 69-52 եւ 82-66) յաղթելով Շանվիլի, «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք) տեղի ունեցած մրցումին: Այսպիսով, ցարդ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած (այդ ալ Սաժեսի դէմ) Շանվիլ կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը: Մրցումին եւ Շանվիլի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեշան...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Առաջին Մրցակիցը Պիտի Ըլլայ Մոլտովա

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ հրապարակուեցաւ Եւրոպայի 2016-ի պասքեթպոլի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան յայտագիրը: Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 9 հաւաքականներ, որոնց կարգին Հայաստան: Մոլտովայի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Անտորրան, Մոլտովան, Մոնաքոն եւ Կալեսը: Հայաստան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 27 յունիսին` Մոլտովայի դէմ:

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Արագ Ճատրակի Հայաստանի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ աւարտեցաւ արագ ճատրակի Հայաստանի ախոյեանութիւնը: Առաւելագոյն 8 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով` Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ Հայաստանի ախոյեանութեան հանդիսացած էր փոխախոյեան: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Տիգրան Պետրոսեան (6,5 կէտ), իսկ 6-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար 3-6 դիրքերը բաժնեցին Արման Հայրապետեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Կարէն Գրիգորեան:  

Արարատ Մեկնեցաւ Սոչի

Երէկ` երկուշաբթի, 25 յունուարին, Սոչի (Ռուսիա) մեկնեցաւ Արարատ Երեւանի ֆութպոլի ակումբը` կատարելու համար ուսումնամարզական հաւաք մը, յայտնեց ArmSport.am: Հոն խումբին պիտի միանան` հայազգի յետսապահ Սերկէյ Աւագիմեան, հայազգի միջնապահ Տենիս Օզ եւ երկու այլ նորեկներ: Հայրենի կազմը այդտեղ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական չորս մրցում, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը: Ստորեւ` Ռուսիա մեկնած Արարատի կազմը. Բերդապահներ.- Գէորգ Պրազեան, Արման Մելիքսէթեան: Յետսապահներ.- Նորայր...

Պոաթենկ Նուազագոյնը 3 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պայէրն Միւնիխի յետսապահ Ժըրոմ Պոաթենկ, որ Համպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին լուրջ վնասուածք ստացաւ, նուազագոյնը 3 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց «Պիլտ» օրաթերթը: 27 տարեկան ֆութպոլիստին 3 ամիսով բացակայիլը կը նշանակէ, որ անոր համար «Պուտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանը գրեթէ աւարտեցաւ, որովհետեւ մինչեւ ապաքինումը ան չի կրնար օգտակար դառնալ իր կազմին:

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  4-րդ Դասուած Վաւրինքա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. 4-րդ Դասուած Վաւրինքա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Սթանիսլաւ Վաւրինքա Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա)  տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն, երէկ 13-րդ դասուած քանատացի Միլոս Ռաոնիչ, կարեւոր անակնկալ մը ստեղծեց, երբ բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք 6-4, 6-3, 5-7, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց 4-րդ դասուած զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքան: Ռաոնիչի նման քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 23-րդ...

Շիրակ 20 Ֆութպոլիստներով Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ հայկական ֆութպոլի խումբերէն Շիրակը` մէկ շաբաթ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու համար: Խումբը պիտի իջեւանէ Կլենտէյլ քաղաքի «Տիլթըն» պանդոկին մէջ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի խումբը 30 յունուարին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ: Խումբին հետ մեկնեցաւ նաեւ Ալաշկերտի նախկին բերդապահ Արմէն Խաչատրեան, որ այժմ փորձառական շրջան մը կ՛անցնէ Շիրակի հետ: Վարդան Բիչախեանի...

Դաւիթ Արշակեան` Հեթրիքի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան, որ մաս կը կազմէ Թրաքայի (Լիթուանիա), Սքոնթոյի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (3-3) հեթրիքի հեղինակ դարձաւ: Նշենք, որ Թրաքա կը պատրաստուի նոր տարեշրջանին` մնացեալ խումբերուն նման:

Հայկական Ֆութպոլ. Արտեոմ Խաչատուրով Պայմանագիր Կնքեց Արարատի Հետ

Արարատի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ 23 տարեկան յետսապահ` Արտեոմ Խաչատուրով պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ: Ան արդէն իսկ վերջին շրջանին, փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր երեւանեան ակումբին հետ եւ մասնակցեցաւ Շիրակի դէմ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումներուն: Խաչատուրով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ մասնակցած է ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումի:

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց, Ռեփթըրզ, Սելթիքս Եւ Նեթց` Յաղթական

Քեւին Տիւրընթ «Էն. Պի. էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան չորս մրցումներ: Հիւրընկալ խումբերէն երեքը յաղթեցին իրենց մրցակիցներուն, բացի` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն, որ 112-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն: Հիուսթըն Ռոքեթց 115-104 արդիւնքով յաղթեց Տալաս Մավըրիքսին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին (112-94), իսկ Պրուքլին Նեթց` Օքլահոմա Սիթիին (116-106): Հակառակ իր կազմին կրած այս պարտութեան, Օքլահոմայի մաս կազմող Քեւին Տիւրընթ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջի Մրցումներուն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կարգ մը խումբեր պարագլուխի իրենց դիրքը զիջեցան այլ խումբերու: Անգլիոյ մէջ Լոնտոն մայրաքաղաքի տերպիին Արսենալ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Լայսթըրի, որ ունեցաւ երեք կէտի առաւելութիւն մը մարզիչ Արսէն Վենկերի կազմին վրայ, որ նահանջեց 3-րդ դիրք, մինչ Մանչեսթըր Սիթի բարձրացաւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթեց Սաժեսի Եւ Պահեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Սաժեսի Եւ Պահեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես-ՀՄԸՄ մրցումը: Նախորդ հանգրուանին պարտութիւն մը կրած ՀՄԸՄ, երէկ վերագտնելով ինքզինք պարտութեան մատնեց Սաժեսը` արձանագրելով 97-94 արդիւնքով յաղթանակ մը (20-25, 41-41 64-70 եւ 94-97) PROFOTO Մրցումը շատ արագ սկսելով` ՀՄԸՄ իրերայաջորդ կողովներով, յաջողեցաւ առաջին հինգ վայրկեանը 15 կէտով գերազանցել իր մրցակիցը: Այդ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ 2-1արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նսուր Ալէյը: ՀՄԸՄ-ի երկու կոլերը նշանակեցին Գօգօ Ահարոնեան եւ Համբի Թերզեան: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր կատարած առաջին մրցումին 13-0 արդիւնքով յաղթեց Մաթարին:    

12 Յունիսէն 17 Յուլիս. Լիբանանցի Շարպել Հապիպ Իր Օգնականին` Ուալիտ Սմահայի Հետ Կը Մասնակցի Չինաստան-Ֆրանսա Մրցումին (13,695 Քմ)

PROFOTO 12 յունիսէն 17 յուլիս տեղի պիտի ունենայ իր տեսակին մէջ եզակի, Չինաստան-Ֆրանսա քլասիք ինքնաշարժներու 6-րդ մրցումը, որուն երկարութիւնն է 13,695 քմ: Այս բացառիկ եւ եզակի մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ լիբանանցի Շարպել Հապիպ` իր օգնականին` Ուալիտ Սըմահայի հետ: Անոնց ինքնաշարժը պիտի ըլլայ 1964-ի տիպի «Փորշ -356 Սի.»: Մասնակից ինքնաշարժներուն ընդհանուր թիւն է 120: Նշենք, որ Հապիպ (1970-ի ծնունդ) եւ...

Page 1141 of 1276 1 … 1,140 1,141 1,142 … 1,276

Արխիւներ