
Արարատի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ 23 տարեկան յետսապահ` Արտեոմ Խաչատուրով պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ: Ան արդէն իսկ վերջին շրջանին, փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր երեւանեան ակումբին հետ եւ մասնակցեցաւ Շիրակի դէմ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումներուն:
Խաչատուրով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ մասնակցած է ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումի:


