Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ 2-1արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նսուր Ալէյը:
ՀՄԸՄ-ի երկու կոլերը նշանակեցին Գօգօ Ահարոնեան եւ Համբի Թերզեան:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր կատարած առաջին մրցումին 13-0 արդիւնքով յաղթեց Մաթարին: