Նախորդ շաբաթավերջին Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ աւարտեցաւ արագ ճատրակի Հայաստանի ախոյեանութիւնը:
Առաւելագոյն 8 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով` Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ Հայաստանի ախոյեանութեան հանդիսացած էր փոխախոյեան:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Տիգրան Պետրոսեան (6,5 կէտ), իսկ 6-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար 3-6 դիրքերը բաժնեցին Արման Հայրապետեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Կարէն Գրիգորեան: