Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ հրապարակուեցաւ Եւրոպայի 2016-ի պասքեթպոլի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան յայտագիրը:
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 9 հաւաքականներ, որոնց կարգին Հայաստան:
Մոլտովայի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Անտորրան, Մոլտովան, Մոնաքոն եւ Կալեսը:
Հայաստան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 27 յունիսին` Մոլտովայի դէմ: