Պայէրն Միւնիխի յետսապահ Ժըրոմ Պոաթենկ, որ Համպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին լուրջ վնասուածք ստացաւ, նուազագոյնը 3 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց «Պիլտ» օրաթերթը:
27 տարեկան ֆութպոլիստին 3 ամիսով բացակայիլը կը նշանակէ, որ անոր համար «Պուտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանը գրեթէ աւարտեցաւ, որովհետեւ մինչեւ ապաքինումը ան չի կրնար օգտակար դառնալ իր կազմին: