Մարզական

Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան` Հայաստանի Ախոյեան

Լուսանկար՝ armsport.am Շաբաթ, 23 յունուարին, Երեւանի ճատրակի տան մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց 76-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Զաւէն Անդրէասեան: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց Ռոպերթ Յովհաննիսեան (7,5 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` Արման Փաշիկեան (6,5 կէտ), որ լրացուցիչ կէտերով շրջանցեց Սամուէլ Տէր Սահակեանը: Նշենք, որ 26...

Ժիւտօ. Յովհաննէս Դաւթեան Դարձաւ Քուպայի Կրան Փրիի Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Դաւթեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քուպայի մէջ տեղի ունեցող ժիւտոյի կրան փրիի մրցաշարքին, դարձաւ պրոնզէ մետալակիր, կը յայտնէ հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am: Դաւթեան (60 քկ) առաջին ճակատումին յաղթեց Չեխիոյ ներկայացուցիչ Փաւել Փեթրիքովի, ապա` իր ուզպեք մրցակիցին: Կիսաւարտականին Դաւթեան թէեւ պարտուեցաւ իր թուրք մրցակիցէն, սակայն պրոնզէ մետալին համար պայքարին ան յաղթեց այլ թուրքի մը: Հայաստանի...

Քիեւի Մէջ. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Կը Մասնակցին Միջազգային Մրցաշարքի

31 յունուարէն 12 փետրուար Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցի, կը յայտնէ ArmSport.am: Այս հաւաքէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի հաւաքականը Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի 12-14 փետրուարին տեղի ունենալիք մրցաշարքի մը: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղտադեան ուսումնամարզական այս հաւաքին եւ միջազգային մրցաշարքին համար նկատի առաւ հետեւեալ 14 ըմբիշները: Գարիկ Բարսեղեան, Գառնիկ Մնացականեան (57...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Եւ Տորթմունտ Յաղթանակով Սկսան Դարձի Հանգրուանը

Հենրիխ Մխիթարեան Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի դարձի մրցումները: Ինչպէս հաղորդած էինք մեր նախորդ թիւին մէջ, Պայէրն Միւնիխ բացման մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Համպուրկին` Ռոպերթ Լեվանտովսքիի նշանակած կոլերուն շնորհիւ (37-րդ փենալթիով եւ 61-րդ): Համպուրկի կոլը եւս նշանակեց Պայէրնի մարզիկ Զապի Ալոնսօ (53-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): Ինչ կը վերաբերի Պորուսիա Տորթմունտի, անիկա եւս օտար դաշտի վրայ յաղթանակ արձանագրեց`...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթանակով Աւարտեց Մրցաշարքը

«Ֆութպոլի զարգացման բաժակ-2016»-ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 17 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը յաղթանակով աւարտեց իր ելոյթները Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա): 10-12 դիրքի մրցումին իր կատարած մրցումին Արթուր Ոսկանեանի կազմը փենալթիներով (7-6) յաղթեց Մոլտովայի: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Կոլի հեղինակ դարձաւ Ալպերթ Մնացականեան: Այսպիսով, Հայաստան, որ կատարեց հինգ մրցում, արձանագրեց յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրեց երեք պարտութիւն:  

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Մարկարիթա Գասպարեան Պարտուեցաւ Սերենա Ուիլիըմզէն

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Մարկարիթա Գասպարեան Պարտուեցաւ Սերենա Ուիլիըմզէն

Մարկարիթա Գասպարեան եւ Սերենա Ուիլիըմզ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող տարուան առաջին կրան շլեմի Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքին Դ. հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիմըզ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթելով Ռուսիան ներկայացնող Մարկարիթա Գասպարեանին: Սակայն հակառակ ասոր, այս մրցաշարքին Գասպարեանի ձեռք ձգած արդիւնքները կարելի է նկատել բացառիկ յաջողութիւն: Մարիա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 24 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Սաժեսի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժեսի դաշտին` Ղազիրի մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն պէտք է յիշեցնել, որ հիւր կազմը իրեն հետ չի կրնար տանիլ իր համակիրները, որովհետեւ այդ կարգադրութիւնը ֆետերասիոնին որոշումով կը գործադրուի երկու տարիէ ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2015-2016 Տարեշրջանը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը` երէկուան մրցումին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպեթ Շիահը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տպաւորիչ յաղթանակով` 85-44 արդիւնքով (25-6, 15-8, 15-14 եւ 30-16): ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական յաջող խաղարկութիւն մը ցուցադրեց իր համակիրներուն ներկայութեան, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հետ քաջալերեցին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Նըսուր Ալէյ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 24 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ կը մրցի Նսուր Ալէյի դէմ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Քֆարշիմայի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը, որ տարեշրջանի բացման մրցումին 13-0 արդիւնքով ջախջախեց Մաթարը:      

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Արսենալ – Չելսի, Եուվենթուս – Ա. Էս. Ռոմա Եւ Ռէալ Պեթիս – Ռէալ Մատրիտ Տաք Ճակատումներ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան կու գայ վերամիանալու Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ն, որ ճիշդ ամիսէ մը ի վեր ձմեռնային արձակուրդի մէջ էր: Նշենք, որ երէկ, 18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի բացման մրցումին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ հիւրը եղաւ Համպուրկի: Մրցումը աւարտեցաւ Պայէրն Միւնիխի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ճակատումներուն, բաւական հետաքրքրական եւ տաք մրցումներ...

Պասքեթպոլ.  Տեղի Ունեցաւ Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն Վիճակաձգութիւնը

Պասքեթպոլ. Տեղի Ունեցաւ Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցաւ 2016-ի պասքեթպոլի Եւրոպայի փոքր երկիրներու տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնը: Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ յայտնուեցաւ Բ. խմբակին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մոլտովան, Անտորրան, Կալեսը եւ Մոնաքոն: Զտումի այս խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան 25 յունիսէն 4 յուլիս, Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Մարկարիթա Գասպարեան Ապահովեց Դ. Հանգրուանի Իր Տոմսը. Անոր Յաջորդ Մրցակիցը Սերենա Ուիլիըմզն Է

Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռուսիան ներկայացնող հայ թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան, շարունակելով իր յաղթանակներու շարքը, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց Եուլիա Փութինցեւային (Ղազախստան): 21 տարեկան Գասպարեան, որ աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 58-րդ դիրքը, Դ. հանգրուանին բաւական կարեւոր ճակատում մը ունի կատարելիք, երբ իր դէմ ունենայ թիւ...

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Կը Նախապատրաստուի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականը կը նախապատրաստուի Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան` այս գծով հաւաք մը կատարելով Ծաղկաձորի մէջ: «Ուսումնամարզական այս հաւաքին կը մասնակցին 4 մարզիկներ, իսկ մեր միւս երկու մարզիկները` Սոնա Պօղոսեան եւ Իզապելլա Եայլեան, որոնք վատառողջ են, չկրցան միանալ մեզի: Անոնք խումբին պիտի միանան Հայաստանի ծանրաբարձութեան ախոյեանութենէն ետք: Այս տարուան այս ուսումնամարզական հաւաքին մասնակցողներուն...

Խուաքին Պօղոսեան Տեղափոխուեցաւ Արժանթինեան Արսենալ

Հայ յառաջապահ Խուաքին Պօղոսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ արժանթինեան Արսենալ խումբին հետ, որ մաս կը կազմէ այդ երկրի բարձրագոյն ախոյեանութեան: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կ՛աւելցնէ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին հետ Արսենալ 1,5 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց: Նշենք, որ Պօղոսեանի նախկին խումբը Սերոն էր (Ուրուկուէյ): ArmSport.am նաեւ կը յայտնէ, որ 2012-ին երկրին ախոյեան հանդիսացած Արսենալ նախորդ տարեշրջանին 30 խումբերուն...

Հայաստանի Ծանրաբարձները Կը Շարունակեն Իրենց Նախապատրաստական Հաւաքը

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորութեամբ, Ծաղկաձորի մէջ կը շարունակէ իր նախապատրաստական հաւաքը, որուն սկսած էր նախորդ 15 յունուարին: Անիկա կ՛աւարտի 31 յունուարին: «Այս հաւաքին կը մասնակցին այն մարզիկները, որոնք Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցելու թեկնածու են: Այս հաւաքէն ետք տեղի պիտի ունենայ այլ հաւաք մը եւս, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ախոյեանութիւնը: Ախոյեանութենէն ետք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 96-88 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Մութթահետին

Նշմար. Դէպի Յաղթանակ, Դէպի Տիտղոս

ՅԱԿՈԲ ՃԵՐԵՆԵԱՆ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը եղաւ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ աւարտական մրցումը, երբ Ռիատի Պէյրութ ճակատագրական` 5-րդ ճակատումին միայն կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ եւ հանդիսանալ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեան: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով բոլորիս ալ յիշողութեան մէջ դրոշմուած կը նկատենք այն, որ այդ վերջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, պայքարի մեծ ոգիով մը կատարեցին իրենց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 22 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Շեպիպէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսելու եւ առաջին յաղթանակը արձանագրելու նպատակով, այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի վճռական ձեւով դաշտ ներկայանալ` կիրարկելով...

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Ախոյեանութիւն. Անդրէասեան Եւ Յովհաննիսեան Ապահոված Են 7-ական Կէտ

Ռոպերթ Յովհաննիսեան Հայաստանի ճատրակի տղոց 76-րդ ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուին Զաւէն Անդրէասեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որոնք ապահոված են 7-ական կէտ, իսկ 6 կէտ ունի Արման Փաշիկեան: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 23 յունուարին:

Կռփամարտ.  Աբրահամ – Ռամիրեզ Ճակատումը 9 Ապրիլին` Լաս Վեկասի Մէջ

Կռփամարտ. Աբրահամ – Ռամիրեզ Ճակատումը 9 Ապրիլին` Լաս Վեկասի Մէջ

Արհեստավարժ կռփամարտի միջին կարգի աշխարհի ախոյեան, Գերմանիան ներկայացնող հայ Արթուր Աբրահամ իր տիտղոսը պաշտպանելու համար իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 9 ապրիլին` մեքսիքացի Խիլներթօ Ռամիրեզի դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am: Յայտարարուեցաւ, որ այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգին Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ:

Արազ Օզպիլիս Պիտի Տեղափոխուի Պեշիքթաշ

Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր ասպարէզը պիտի շարունակէ թրքական Պեշիքթաշի մէջ: «Էն. Թի. Վի. Սփոր»-ի փոխանցումով, թրքական ակումբը համաձայնութեան եկած է 25-ամեայ ֆութպոլիստի տեղափոխութեան հարցին մէջ: Աղբիւրին համաձայն, Օզպիլիս երէկ պիտի մեկնէր Թուրքիա եւ ստորագրէր 4,5 տարուան պայմանագիր:  

Page 1142 of 1276 1 … 1,141 1,142 1,143 … 1,276

Արխիւներ