Մարզական

Լուքաս Սիլվայի Հրաժարագինը` 60 Միլիոն Եւրօ

Ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի Ռէալ Մատրիտ իր միջնապահին` Լուքաս Սիլվայի հրաժարագինը սահմանեց 60 միլիոն եւրոյով: 22 տարեկան պրազիլցին արքայական ակումբին միացաւ Քրուզէյրոյէն` 14 միլիոն եւրոյի դիմաց: Այժմ ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը ելոյթ պիտի ունենայ Մարսէյի հետ, որուն հետ ցարդ կատարած է 16 մրցում:

Սերկէյ Աւագիմեան Միացաւ Արարատի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արարատ երէկ իր կազմին միացուց յետսապահ Սերկէյ Աւագիմեանը, յայտնեց հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am: Նշենք, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը, որուն նախկին ակումբն էր Պայքալը (Ռուսիա), Երեւանի միացաւ Սոչիի մէջ անոր կատարելիք ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մեծ Յաղթանակով Մը Վերադարձաւ Թրիփոլիէն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի դաշտին վրայ, Շապապ Արապի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 58-49 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անդրանիկ Պէյրութը: Իսկ երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, որ 89-32 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Որոշումները

Իր գումարած շաբաթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Իժթիմահի - Շապապ Ղազիէ` 2-0, Շապապ Սահել - Ամալ Մաարաքէ` 1-0, Անսար - Սաժես` 7-1, Ահտ - Նեպի Շիթ` 2-0, Նըժմէ - Սալամ Զղարթա` 2-1, Սաֆա - Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 4-2, Թրիփոլի - Ախա Ահլի...

Արազ Օզպիլիս Պեշիքթաշէն Փոխ Տրուեցաւ Ռայօ Վայեքանոյին

Արազ Օզպիլիս Պեշիքթաշէն Փոխ Տրուեցաւ Ռայօ Վայեքանոյին

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր ակումբը` Սպարտակ Մոսկուան լքելով պայմանագրութիւն մը ստորագրեց թրքական Պեշիքթաշ ֆութպոլի ակումբին հետ: Սակայն ան իր պայմանագրութիւնը ստորագրելէ կարճ ժամանակ ետք փոխ տրուեցաւ սպանական Ռայօ Վայեքանոյին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ին: Ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի մնայ Ռայօ Վայեքանոյի...

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Յաղթեց. Քեւին Տիւրընթ Նշանակեց 44 Կէտ

Քեւին Տիւրընթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի Նիւ Եորքի մէջ երկարաձգումէն ետք 128-122 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Նիքսի: Այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ Քեւին Տիւրընթ, որ նշանակեց 44 կէտ: Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ երկու կէտի տարբերութեամբ` 92-90 արդիւնքով պարտուեցաւ Տալաս Մավըրիքսէն: Նշենք, որ այս պարտութիւնը այս տարեշրջանին 38-րդը եղաւ Լէյքըրզի...

Ռէալ Մատրիտ 35 Միլիոն Եւրոյի Աշխատավարձ Մը Կ՛առաջարկէ Նէյմարի

Sport.es կայքին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես առաջարկ մը ներկայացուցած է Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարին` ըսելով, որ եթէ ան միանայ իր կազմին, տարեկան պիտի գանձէ 35 միլիոն եւրօ, այսինքն` Պարսելոնայէն իր գանձած գումարին կրկնապատիկը: Բացի ատկէ, Ռէալ տեղափոխուելու պարագային ան պիտի ստանար յաւելեալ 30 միլիոն եւրօ գումար մը: Նշենք, որ Պարսելոնայի հետ գործող պայմանագիրով 23 տարեկան յառաջապահին հրաժարագինը կը...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող Վերջին Չորս Մարզիկները

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող Վերջին Չորս Մարզիկները

Էնտի Միւրէյ Եոհաննա Քոնթա Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան տղոց եւ աղջկանց կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովողները: Տղոց պարագային, 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-3, 6-7, 6-2, եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով սպանացի Տաւիտ Ֆերերը (8-րդ): Անոր նման կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ...

Էմանուէլ Ատեպայոր Վերադարձաւ Անգլիոյ Ախոյեանութեան

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Քրիսթալ Փալաս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Թոկոյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Էմանուէլ Ատեպայորը, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը մաս պիտի կազմէ լոնտոնեան խումբին: Այսպիսով ան դարձեալ կը վերադառնայ Անգլիա, երբ սեպտեմբեր 2015-ին երկկողմանի յարաբերութեամբ իր պայմանագրութիւնը խզեց Թոթենհամի հետ: 31 տարեկան Ատեպայոր, որ պիտի կրէ թիւ 25 մարզաշապիկը, նախապէս մաս կազմած է Մեսի, Մոնաքոյի,...

Պենզեմա` Եւրոպայի Ամէնէն Արդիւնաւէտ Յառաջապահը

Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարած ներկայացումներուն շնորհիւ ներկայիս կը նկատուի Եւրոպայի ամէնէն արդիւնաւէտ յառաջապահը: Ան 20 մրցումի ընթացքին նշանակած է 21 կոլ: «Լա լիկա»-ի մրցումներուն ան 16 մրցումի ընթացքին նշանակած է 17 կոլ, իսկ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, չորս մրցումի ընթացքին` 4 կոլ: Անիկա կոլ նշանակելու համար միջին հաշուով պէտք ունի 69 վայրկեանի, ինչ...

Կերըթ Պէյլ Սկսաւ Իր Փորձերուն

Ռէալ Մատրիտի հիմնական մարզիկներէն Կերըթ Պէյլ գրեթէ ապաքինելու ընթացքին մէջ է իր ստացած վնասուածքէն ետք` նկատի ունենալով, որ ան լաւ մարզավիճակի մէջ է եւ սկսած իր փորձերուն, սակայն առանձին` անհատական ծրագիրով: 26 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վիրաւորուեցաւ Սփորթինկ Խիխոնի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին, շատ հաւանական է, որ այս շաբաթավերջին մասնակցի Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:

Թետեսքօ` Այս Տարեշրջանը Փալերմոյի Չորրորդ Մարզիչը

Ճիովանի Թետեսքօ «Քալչիօ»-ի մէջ մնալու համար պայքար մղող Փալերմօ յայտնեց, որ Ճիովանի Թետեսքօ նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ: Ան այսպիսով դարձաւ այս տարեշրջանի չորրորդ անձը, որ կը նշանակուի Փալերմոյի մարզիչ: Փալերմօ նախորդ նոյեմբերին պաշտօնանկ ըրաւ Ճիուզեփփէ Լաքինին, որ երկու տարի իր պաշտօնին վրայ մնալէ ետք փոխարինուեցաւ Տաւիտ Պալլարտիով: Վերջինս այս ամսուան սկիզբը պաշտօնանկ եղաւ 7 մրցում ետք: 10 յունուարին թէեւ արժանթինցի...

Իպրահիմովիչի Աշխատավարձը Բարձրացաւ

Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի աշխատավարձը բարձրացաւ եւ շուէտացի ֆութպոլիստը դարձուց երկրին ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկը: 2015-ի աւարտին ան կնքեց նոր համաձայնագիր մը, ըստ որուն, ան ամսական պիտի ստանայ 1,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ (առանց տուրքերու` 1 միլիոն եւրօ): Նշենք, որ ան նախապէս կը ստանար 800 հազար եւրօ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 27 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մեկնի հիւսիս, ուր «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Անթիլիաս տպաւորիչ ձեւով սկսաւ ախոյեանութիւնը` 85-44 արդիւնքով յաղթելով Շեպիպեթ Շիահի, մինչ Մութթահետ 71-37 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անդրանիկ Պէյրութէն: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօր...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Զօրակցի Ճիաննի Ինֆանթինոյի Առաջադրած Թեկնածութեան

Ճիաննի Ինֆանթինօ Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ երկիրներուն ֆետերասիոններուն նախագահներուն, գործադիր տնօրէններուն եւ այլ պատասխանատուներուն միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար Ճիանիի Ինֆանթինոյին ընտրական ծրագիրը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան Ինֆանթինոյի ընտրական ծրագիրը ներկայացուց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած պասքեթպոլի առաջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 24 յունուար 2016-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ եւ արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. 2002-2003 Տղաք Մեսրոպեան - Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ 28-10 Մրցումի լաւագոյն մարզիկ` Սերուժ Թէլվիզեան (Մեսրոպեան)   2000-2001 Տղաք Մեսրոպեան - Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ 25-39 1998-1999 Տղաք Մեսրոպեան - Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ 47-10...

Յստակացաւ Հայաստան – Պիելոռուսիա Մրցումին Թուականը Եւ Վայրը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ յստակացաւ Հայաստան - Պիելոռուսիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին թուականը եւ վայրը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական մարզադաշտին վրայ, 25 մարտին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին:

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Անտորրա

Երէկ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը Պէյրութէն մեկնեցաւ Անտորրա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքրերու տարեկան դահուկարշաւի ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի հաշուապահ Թուֆիք Տահեր: Իսկ մարզիկներն են` Լուքա Քէյրուզ, Լիւսիեն Քէյրուզ, Մարիա Իսա, Ամալ Հուպիշ, Անիաս Քէյրուզ, Ժան Քէյրուզ, Մանուն Օուէյսի, Վալերիա Քալասի եւ Սարա Լէոն: Իսկ անոնց մարզիչներն են` Լոպոս Պոզիլա եւ Քրիսթօ Տուրուվիք: Լիբանանցի մարզիկներուն համար այս...

Արտակ Դաշեան Վերադարձաւ Սքոփյէ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Վարտարի միջնապահ Արտակ Դաշեան, որ այս օրերուն Վարտարի հետ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէր Անթալիոյ մէջ, երէկ ստիպուած եղաւ վերադառնալ Սքոփյէ, յայտնեց մակեդոնական ակումբին պաշտօնական կայքը: Հայ ֆութպոլիստը, որուն ոտքին մէջ թեթեւ բորբոքում մը յառաջացած է, եթէ շուտ ապաքինի դարձեալ պիտի վերադառնայ Անթալիա` նկատի ունենալով, որ անոր ակումբին ուսումնամարզական հաւաքը պիտի տեւէ մէկ ամիս: Կը...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Կրնայ Նահանջել 125-րդ Դիրք

4 փետրուարին ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Գրեթէ հաստատուած իրողութիւն է, որ նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը չորս դիրքի նահանջ մը արձանագրելով պիտի գրաւէ 125-րդ դիրքը: Այժմ Պելճիքա կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը յաջորդաբար կ՛ամբողջացնեն Արժանթին եւ Սպանիա: Այժմ Պրազիլ 6-րդ է, իսկ Անգլիա` 9-րդ:

Page 1140 of 1276 1 … 1,139 1,140 1,141 … 1,276

Արխիւներ