
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 9 ճակատումներէն երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք (մէկը` երկրորդ երկարաձգումէն ետք):
Բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, Սաքրամենթօ Քինկզ իր դաշտին վրայ երկրորդ երկարաձգումէն ետք կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 129-128 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Շարլոթ Հոռնեթցէն:
Հակառակ ասոր սակայն, Քինկզի մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 56 կէտ:
Երկարաձգումէն ետք միայն Մեմֆիս Կրիզլիզ յաղթեց իր հիւրին` Օրլանտօ Մեճիքին:
Սթեֆըն Քարի, որուն խումբը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզին (120-90), նշանակեց 37 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն երրորդ ամէնէն շատ կէտը (35) նշանակողը հանդիսացաւ Ճէյմս Հարտեն, երբ անոր կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց կէտի մը տարբերութեամբ` 112-111 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզին:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ
Նիւ Եորք Նիքս – Օքլահոմա Սիթի
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Միլուոքի Պաքս – Օրլանտօ Մեճիք
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տալաս Մավըրիքս