«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնա կը մտադրէ խումբին մաս կազմող միջնապահ Իվան Ռաքիթիչի պայմանագրութիւնը երկարաձգել` յայտնապէս գոհ մնալով անոր խաղարկութենէն:
Կը կարծուի, որ խրուաթ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի այն ժամանակ, երբ Նէյմար եւ Սերճիօ Պուսքեթց նոր համաձայնագիրներով պիտի երկարաձգեն իրենց պայմանագրութիւնները:
Պարսելոնայի հետ Ռաքիթիչի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2019:
Նշենք, որ «Լա լիկա»-ին գծով Ռաքիթիչ մասնակցած է 19 մրցումի` նշանակելով 2 կոլ: