Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ հերքեց շրջան ընող այն լուրերը, ըստ որոնց, ինք պիտի տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահը ըսաւ, որ ատիկա կրնար տեղի ունենալ նախորդ տարեշրջանին, բայց ոչ` ներկայիս կամ ասկէ ետք:
Նշենք, որ ան 2013-ին Սենթ Էթիենէն միացաւ Տորթմունտի: