«Տը սան» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է Պայէրն Միւնիխին 100 միլիոն եւրոյի գումար մը առաջարկելու` ձեռք ձգելու համար անոր յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքին:
Լեվանտովսքիով հետաքրքրուած է նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այս ամրան ընթացքին պիտի փորձէ ձեռք ձգել անոր ստորագրութիւնը, մանաւանդ որ խումբէն կրնան հեռանալ Զլաթան Իպրահիմովիչ եւ Էտինսոն Քաւանի:
Սակայն արդեօք Պայէրն Միւնիխ պիտի ուզէ՞ ձերբազատիլ իր յառաջապահէն, որ 17 մրցումի ընթացքին նշանակած է 17 կոլ: