
Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ հայկական ֆութպոլի խումբերէն Շիրակը` մէկ շաբաթ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու համար:
Խումբը պիտի իջեւանէ Կլենտէյլ քաղաքի «Տիլթըն» պանդոկին մէջ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի խումբը 30 յունուարին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ:
Խումբին հետ մեկնեցաւ նաեւ Ալաշկերտի նախկին բերդապահ Արմէն Խաչատրեան, որ այժմ փորձառական շրջան մը կ՛անցնէ Շիրակի հետ:
Վարդան Բիչախեանի գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներ մեկնեցան հետեւեալ ֆութպոլիստները.
Բերդապահներ.- Նորայր Աբրահամեան ե Արմէն Խաչատրեան:
Յետսապահներ.- Արման Յովհաննիսեան, Արտեոմ Միքայէլեան, Արման Թադէոսեան, Միլոշ Սթամենքովիչ, Գէորգ Յովհանիսեան, Ռոպերթ Դարբինեան եւ Աղուան Դաւոյեան:
Միջնապահներ.- Քապա Մոհամետ, Գոռ Մալաքեան, Էտկար Մալաքեան, Կարէն Ալեքսանեան, Արման Ասլանեան, Թրիսա Տիարասուպա, Քվատիօ Քլավիուս եւ Դաւիթ Յակոբեան:
Յառաջապահներ.- Օտիլոն Քուակու, Արամ Մուրատեան եւ Վիուլեն Այվազեան:


