Մարզական

Ժիւտօ. Հայաստանի Հաւաքականի Անդամ Ժաննա Սթանքեւիչ` Միջազգային Մրցաշարքի Պրոնզէ Մետալակիր

Ժիւտոյի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Ժաննա Սթանքեւիչ  պրոնզէ մետալ նուաճեց Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի Եւրոպայի միջազգային բաց մրցաշարքին (Եուրոփիըն Ժիւտօ օփըն Սոֆիա) ընթացքին: Հայաստանի ներկայացուցիչը առաջին հանգրուանին  յաղթեց Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Նայեք Նորտմայերի: Քառորդ աւարտականին  Սթանքեւիչ յաղթեց հոլանտացի Պրիկիթ Էնտէին: Կիսաւարտականին պարտուելով, պրոնզէ մետալի համար պայքարին մէջ Սթանքեւիչ յաղթեց գերմանացի Մարիա Էրտլիի: Պրոնզէ մետալէն բացի Ժաննա Սթանքեւիչ ապահովեց Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն...

Պասքեթպոլ. «Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզ Մրցանիշ Հաստատեց

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 9-րդ անընդմէջ յաղթանակը տարաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ` այս մրցակցութեան մէջ հաստատելով մրցանիշ մը: Լէյքըրզի կազմէն առողջական խնդիրներու պատճառով բացակայեցան Քոպի Պրայընթ եւ Պլէյք Կրիֆին: Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքներ. Սան Անթոնիօ Սփըրզ - Քլիվլենտ Քաւալիրզ 103-107 Տիթրոյիթ Փիսթընզ - Թորոնթօ Ռեփթըրզ 107-111 Պրուքլին Նեց - Նիւ Օրլինզ 103-105 Տենվըր Նակեթց - Ինտիանա Փէյսըրզ 105-109 Սաքրամենթօ Քինկզ - Մեմֆիս...

Բռնցքամարտ. Հայ Բռնցքամարտիկները Մինսքի Մէջ

Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ 2-6 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Լիվենցեւի անուան բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարքը, որուն Հայաստան պիտի ներկայանայ 6 բռնցքամարտիկներով: Կարէն Տօնականեան (60 քկ), Վլատիմիր Մարգարեան եւ Գոռ Երիցեան (69 քկ), Նիկոլ Արութիւնով (81 քկ), Հենրիկ Սարգսեան եւ Ռաֆայէլ Սիմոնեան (91 քկ): Հայ բռնցքամարտիկներուն մարզիչն է Արման Յարութիւնեան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Կրեց Իր Չորրորդ Պարտութիւնը Մութթահետէն` 113-98 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ հիւրընկալեց Սաժեսը: Նախքան մրցումը, երկու խումբերն ալ արձանագրած էին երեքական յաղթանակ եւ կրած երեքական պարտութիւն: Տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը կրեց Սաժես, երբ 113-98 արդիւնքով տեղի տուաւ հիւսիսային կազմին դիմաց: Նշենք, որ Ա. կիսախաղին Մութթահետ միայն հինգ կէտի առաւելութիւն մը ունէր Սաժեսի...

Լիբանանի Ճեթ Սքիի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց 2015-ի Մրցանակակիրները

Էտմոն Շաղուրի PROFOTO Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Մայոն» ճաշարանին մէջ (Էշրեֆիէ), Լիբանանի ճեթ սքիի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց 2015-ի իր մրցանակակիրները` մեծ թիւով հրաւիրեալներու, տարբեր տեսակի ֆետերասիոններու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան: Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, մարզական լրագրող Շարպել Տըրղամ հրաւիրեց ֆետերասիոնի նախագահ Էտմոն Շաղուրին, որ արտասանէ իր խօսքը: Ան իր խօսքին մէջ, շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները եւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ՛ Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Այսօր` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ. Վաղը` Միլանօ Քաղաքի Տերպին

Եւրոպական Ֆութպոլ՛ Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ. Վաղը` Միլանօ Քաղաքի Տերպին

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներէն ոմանք պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական եւ տաք: Նախ եւ առաջ այսօր գագաթի ճակատում մը տեղի պիտի ունենայ «Նու-Քամփ»-ի մէջ, ուր Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Պարսելոնա, որ այժմ իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Աթլեթիքոն, յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք Սփորթինկ Խիխոնի դէմ: Ինչ կը վերաբերի վաղուան, լուսարձակները իր վրայ պիտի կեդրոնացնէ...

Գեղասահք. Կարապետեան – Սենեկալ Զոյգը` 20-րդ Դիրքին Վրայ

Եւրոպայի մեծերու գեղասահքի ախոյեանութեան, Թինա Կարապետեան - Սիմոն Սենեկալ զոյգը առաջին հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահովելով 50,17 կէտ, այժմ կը գրաւէ 20-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւող Աննա Քափելինի - Լուքա Լանոթէ զոյգը (Իտալիա) ցարդ ապահոված է 72,31 կէտ, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Եթէ Հայաստանի զոյգը յաջողի վարկանիշ ապահովել, իրաւունք կ՛ունենայ Հայաստանը ներկայացնելու աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Միւրէյ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Միւրէյ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Էնտի Միւրէյ Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց կիսաւարտականի վերջին ճակատումին, 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ երէկ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Ան շաբաթավերջին կը մրցի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչի դէմ: Միւրէյ քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց Միլոս Ռաոնիչին (Քանատա, 13-րդ)` 4-6, 7-5, 6-7, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով: Անոնց...

Հրացանաձգութիւն. Հայաստան 10 Մարզիկով Կը Մասնակցի Միւնիխի Մրցաշարքին

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստան 10 մարզիկով կը մասնակցի երէկ Միւնիխի մէջ սկսած հրացանաձգութեան միջազգային մրցաշարքին, որ կը կրէ «IWK» International Air Gun անունը: 56 մասնակցողներուն մէջ Զաւէն Իգիթեան ապահովելով 573 կէտ (10 մեթր, 60 կրակոց), թէեւ 6-րդ դիրքը գրաւելով անցաւ աւարտական հանգրուան, սակայն այնուհետեւ ոչ այդքան լաւ արդիւնք արձանագրելով վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 7-րդ դիրքը: Նոյն մրցումին,...

«Էն. Պի. Էյ.».  Էնտըրսըն Նշանակեց Երէկուան Մրցումներուն Ամէնէն Շատ Կէտը

«Էն. Պի. Էյ.». Էնտըրսըն Նշանակեց Երէկուան Մրցումներուն Ամէնէն Շատ Կէտը

Ռայըն Էնտերսըն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած վեց մրցումներուն ընթացքին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռայըն Էնտըրսըն (36), երբ անոր կազմը` Նիւ Օրլինզ 114-105 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց այլ պարտութիւն մը` այս անգամ Շիքակօ Պուլզէն, 114-91 արդիւնքով: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ Պոսթըն Սելթիքս - Օրլանտօ Մեճիք Տիթրոյիթ Փիսթընզ - Քլիվլենտ Քաւալիրզ...

Քեւին Տը Պրույն 10 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Սիթիի Պելճիքայի միջազգային միջնապահ Քեւին տը Պրույն առնուազն 10 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 24 տարեկան Պրույն վիրաւորուեցաւ շաբթուան կիսուն Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումին: Ան ցարդ նշանակած է 12 կոլ:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Յայտագիր

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Հաղորդագրութիւն

Այսու կու գանք յայտնելու, որ շաբաթ, 30 յունուար 2016-ին տեղի ունենալիք մինի ֆութպոլի մրցումները յետաձգուած են կիսամեայ քննութիւններուն պատճառով: Հետեւաբար խաղերը կը սկսին 13 փետրուարին: Առ այդ, յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր աշակերտներուն եւ կը հաւատանք, որ մտային յաջողութեամբ ու զարգացումով, առաւել եւս առոյգ ու աշխուժ վերսկսին մրցումներուն: ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Աղուան Պապիկեան. «Հայաստանի Ախոյեանութիւն Գալը Մեծ Սխալ Էր. Ատիկա Չեմ Կրկներ»

Աղուան Պապիկեան (աջին) Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի թեկնածու Աղուան Պապիկեան (21 տարեկան), որ Լեհաստանի մէջ ծնած է, մաս կը կազմէ տեղւոյն կազմերէն Պելխաթուվի, որ ելոյթ կ՛ունենայ առաջին դասակարգին մէջ: Պապիկեան, որ վեց ամիսէ ի վեր այդ խումբին մաս կը կազմէ, ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լեհաստանի մէջ իր կատարած մրցումներուն եւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքական չհրաւիրելուն: Պապիկեան մասնաւորապէս ըսաւ....

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – Սաժես 7-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր` ուրբաթ, 29 յունուարին, Մութթահետ - Սաժես մրցումով: Սկզբունքով անիկա պիտի սկսէր երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումը սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա պիտի սփռուի պատկերասփիւռէն: Սակայն այս հաղորդագրութեան հրապարակումէն ժամեր ետք ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Սերենա, Տիոքովիչ Եւ Քերպըր Հասան Աւարտականին

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Սերենա, Տիոքովիչ Եւ Քերպըր Հասան Աւարտականին

Սերենա Ուիլիըմզ Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց կիսաւարտականին գծով իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, գերմանացի Անճելիք Քերպըր (7-րդ) եւ թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ) ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը, ուր բնականաբար կը մրցին իրարու դէմ: Անճելիք Քերպըր Քերպըր 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց անգլիացի Եոհաննա Քոնթայի, մինչ Ուիլիըմզ` Ակնիեսցքա Ռատուանսքայի (Լեհաստան, 4-րդ), 6-0...

2018-ի Մոնտիալ. Յստակացաւ Ղազախստան – Հայաստան Մրցումին Վայրը

Իր լուրը քաղելով prosportkz.kz կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ յստակացաւ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Ղազախստան - Հայաստան մրցումին վայրը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Աքթոպէ քաղաքին մէջ, 10 հոկտեմբեր 2017-ին: Աքթոպէ քաղաքին նոյնանուն մարզադաշտը նախատեսուած է միայն ֆութպոլի մրցումներու համար եւ կրնայ հիւրընկալել 12.500 հանդիսատես:

«Էն. Պի. Էյ.».  Ուորիըրզ Յաղթեց. Թոմսըն Նշանակեց 45 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Յաղթեց. Թոմսըն Նշանակեց 45 Կէտ

........................Քլէյ Թոմսըն                                 Ճէյմս Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան ութ ճակատումներ: Մեծագոյն յաղթականը եղաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ 127-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մավըրիքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 45 կէտ: Կէտերու բաւական մեծ տարբերութեամբ աւարտեցաւ Օքլահոմա Սիթի Մինեսոթա...

Արթուր Եդիգարեան Տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ

Արթուր Եդիգարեան (աջին) Լուսանկարը՝ ArmSport.am-ի Ալաշկերտ Երեւանի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեան միացաւ խումբին` 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով: 28 տարեկան Եդիգարեան, որ մաս կը կազմէր Տինամօ Մինսքին, իր նոր խումբին միանալով անմիջապէս սկսաւ փորձերու:

Քասիաս Ամրան Կը Լքէ Փորթոն

Փորթուգալեան մամուլին համաձայն, այս ամրան ընթացքին Փորթոյի բերդապահ Իքեր Քասիաս պիտի լքէ իր ակումբը: Այնպէս կը թուի, որ փորթուգալեան խումբը դժգոհ է սպանացի իր բերդապահէն, որուն փոխանցումը պատրաստ է ծախել ամերիկեան ֆութպոլի խումբերէն մէկուն: Այս տարեշրջանին ախոյեանութեան գծով Քասիաս Փորթոյի հետ կատարեց 19 մրցում:

Փիցելլի Իր Նորամուտը Նշեց Ռաատի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի իր նորամուտը նշեց Ռաատ խումբին հետ, երբ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, անոր կազմը 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Շապապէն: Թիւ 49 մարզաշապիկով Փիցելլի այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 25-րդ վայրկեանին: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ռաատ 10 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:

Page 1139 of 1276 1 … 1,138 1,139 1,140 … 1,276

Արխիւներ