
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի իր նորամուտը նշեց Ռաատ խումբին հետ, երբ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, անոր կազմը 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Շապապէն:
Թիւ 49 մարզաշապիկով Փիցելլի այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 25-րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ռաատ 10 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:


