Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց կիսաւարտականին գծով իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, գերմանացի Անճելիք Քերպըր (7-րդ) եւ թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ) ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը, ուր բնականաբար կը մրցին իրարու դէմ:
Քերպըր 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց անգլիացի Եոհաննա Քոնթայի, մինչ Ուիլիըմզ` Ակնիեսցքա Ռատուանսքայի (Լեհաստան, 4-րդ), 6-0 եւ 6-4 արդիւնքով:
Քերպըր առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի մը աւարտականին: Ատկէ բացի, ան Անքը Հիւպըրէն ետք դարձաւ առաջին գերմանացին, որ 1996-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի աւարտականին:
Ինչ կը վերաբերի Քոնթայի, ան 39 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ այս մրցաշարքին կիսաւարտականին (աղջկանց գծով):
Տղոց կիսաւարտականին վերաբերեալ թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչ իր կարգին ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 6-1, 6-2, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը:
Աւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ Էնտի Միւրէյ (Անգլիա, 2-րդ) – Միլոս Ռաոնիչ (Քանատա, 13-րդ) մրցումին յաղթականը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր: