Այսու կու գանք յայտնելու, որ շաբաթ, 30 յունուար 2016-ին տեղի ունենալիք մինի ֆութպոլի մրցումները յետաձգուած են կիսամեայ քննութիւններուն պատճառով: Հետեւաբար խաղերը կը սկսին 13 փետրուարին:
Առ այդ, յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր աշակերտներուն եւ կը հաւատանք, որ մտային յաջողութեամբ ու զարգացումով, առաւել եւս առոյգ ու աշխուժ վերսկսին մրցումներուն:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ