Եւրոպայի մեծերու գեղասահքի ախոյեանութեան, Թինա Կարապետեան – Սիմոն Սենեկալ զոյգը առաջին հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահովելով 50,17 կէտ, այժմ կը գրաւէ 20-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւող Աննա Քափելինի – Լուքա Լանոթէ զոյգը (Իտալիա) ցարդ ապահոված է 72,31 կէտ, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Եթէ Հայաստանի զոյգը յաջողի վարկանիշ ապահովել, իրաւունք կ՛ունենայ Հայաստանը ներկայացնելու աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: