
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ հիւրընկալեց Սաժեսը:
Նախքան մրցումը, երկու խումբերն ալ արձանագրած էին երեքական յաղթանակ եւ կրած երեքական պարտութիւն:
Տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը կրեց Սաժես, երբ 113-98 արդիւնքով տեղի տուաւ հիւսիսային կազմին դիմաց: Նշենք, որ Ա. կիսախաղին Մութթահետ միայն հինգ կէտի առաւելութիւն մը ունէր Սաժեսի վրայ (48-43):
Այսօր երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Լուէյզի Սանթրալի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը, մինչ վաղը, միեւնոյն ժամուն, Ժիպէյլի մէջ Թատամոն հիւրը կ՛ըլլայ Պիպլոսի:


