
PROFOTO
Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Մայոն» ճաշարանին մէջ (Էշրեֆիէ), Լիբանանի ճեթ սքիի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց 2015-ի իր մրցանակակիրները` մեծ թիւով հրաւիրեալներու, տարբեր տեսակի ֆետերասիոններու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան:
Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, մարզական լրագրող Շարպել Տըրղամ հրաւիրեց ֆետերասիոնի նախագահ Էտմոն Շաղուրին, որ արտասանէ իր խօսքը:
Ան իր խօսքին մէջ, շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն` այս տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք այլ ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին:
Ապա, ցուցադրուեցաւ յատուկ վիտէօ-երիզ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ապա կարգ մը անձերու տրուեցան յատուկ յուշանուէրներ:


