«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Սիթիի Պելճիքայի միջազգային միջնապահ Քեւին տը Պրույն առնուազն 10 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
24 տարեկան Պրույն վիրաւորուեցաւ շաբթուան կիսուն Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումին: Ան ցարդ նշանակած է 12 կոլ: