
Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց կիսաւարտականի վերջին ճակատումին, 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ երէկ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Ան շաբաթավերջին կը մրցի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչի դէմ:
Միւրէյ քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց Միլոս Ռաոնիչին (Քանատա, 13-րդ)` 4-6, 7-5, 6-7, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 4 ժամ:
25 տարեկան Ռաոնիչ իր ամէն կարելին ըրաւ, որպէսզի յաջողի դառնալ առաջին քանատացին, որ կը հասնի կրան շլեմի մրցաշարքի մը աւարտականին, սակայն ձախողեցաւ իր այս առաքելութեան մէջ:
Հինկիս – Միրզա` Աղջկանց Զոյգի Ախոյեան

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց զոյգի աւարտականին, աշխարհի աղջկանց զոյգի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Մարթինա Հինկիս – Սանիա Միրզա զոյգը տիրացաւ տիտղոսին` 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անտրէա Հլավաչքովա – Լիւսի Հրատեքքա (Չեխիա, 7-րդ) զոյգին:
Նշենք, որ Հինկիս (Զուիցերիա) 12-րդ անգամ ըլլալով, մինչ Միրզա (Հնդկաստան) 3-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանային կրան շլեմի զոյգի տիտղոսին:
Անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ երկու մարզիկները այսպիսով զոյգի մրցումներուն արձանագրեցին իրենց 36-րդ յաջորդական յաղթանակը:


