
Ժիւտոյի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Ժաննա Սթանքեւիչ պրոնզէ մետալ նուաճեց Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի Եւրոպայի միջազգային բաց մրցաշարքին (Եուրոփիըն Ժիւտօ օփըն Սոֆիա) ընթացքին:
Հայաստանի ներկայացուցիչը առաջին հանգրուանին յաղթեց Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Նայեք Նորտմայերի: Քառորդ աւարտականին Սթանքեւիչ յաղթեց հոլանտացի Պրիկիթ Էնտէին: Կիսաւարտականին պարտուելով, պրոնզէ մետալի համար պայքարին մէջ Սթանքեւիչ յաղթեց գերմանացի Մարիա Էրտլիի:
Պրոնզէ մետալէն բացի Ժաննա Սթանքեւիչ ապահովեց Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու վարկանշային 40 կէտ:
 
			

