
Իր լուրը քաղելով prosportkz.kz կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ յստակացաւ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Ղազախստան – Հայաստան մրցումին վայրը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Աքթոպէ քաղաքին մէջ, 10 հոկտեմբեր 2017-ին:
Աքթոպէ քաղաքին նոյնանուն մարզադաշտը նախատեսուած է միայն ֆութպոլի մրցումներու համար եւ կրնայ հիւրընկալել 12.500 հանդիսատես:


