25 մարտին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը, Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ արդէն իսկ տոմսերը հրապարակի վրայ են բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին տոմս գնել:
Կը նշուի, որ եթէ Հայաստան – Ալպանիա (հոկտեմբեր 2015) տոմսերուն գինը կը տարուբերէր 4000-էն 10.000 դրամի միջեւ, այժմ անոնց գինը կ՛արժէ 2000-էն 5000 դրամ: