
Երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման, երէկ գիշեր, Ռէալ Մատրիտ դարձեալ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Էս. Ռոման, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Սանթիակօ Պեռնապէօ մարզադաշտին մէջ, 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռէալ Մատրիտի 2 անպատասխան կոլերը նշանակեցին` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (64-րդ) եւ Խեմես Ռոտրիկեզ (68-րդ):
Ա. Էս. Ռոմայի նման, մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Կենք, որ երթին իր կրած պարտութիւնը (3-2), այս անգամ կրկնեց, այս անգամ Վոլֆսպուրկի դաշտին վրայ` 1-0 արդիւնքով, Անտրէ Շիուրլէ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (74-րդ):
Այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Չելսի, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժեմենը:
Երթին, Ֆրանսայի մէջ, Չելսի 2-1 արդիւնքով պարտուած էր:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան երկրորդ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ աւելի կանուխ (ժամը 19:00-ին), Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, կը հիւրընկալէ Պենֆիքան, որմէ 1-0 արդիւնքով պարտուած էր երթին:


