
PROFOTO
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 8 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մեկնի հիւսիս, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ նախանցեալ օր Ռիատի իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ վերագրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ՀՄԸՄ-ի համար շատ էական է յաղթական վերադառնալ Պէյրութ, որպէսզի ՀՄԸՄ վերագրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Անշուշտ ասիկա տեղի պիտի ունենայ, եթէ դարձեալ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կիրարկեն խմբային բացառիկ խաղարկութիւն մը, ուրբաթ, 4 մարտին նման, երբ յաղթեցին ախոյեան Ռիատիի:
Նշենք, որ այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը` չորեքշաբթի, 9 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Սաժես – Լուէյզի մրցումով, որ տեղի կ՛ունենայ Ղազիրի մէջ:

PROFOTO
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 7 մարտին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս – Շանվիլ մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով` 79-61 արդիւնքով (22-9, 37-31, 60-46 եւ 79-61):
Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պրենտըն Թոմաս (26), իսկ Հուփսէն Ալի Մըզհեր նշանակեց 20 կէտ:
Շանվիլ, որ կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը, Ա. դասակարգին մէջ մնալու իր յոյսերը բաւական մը դժուարացուց: