Անցեալին աղջկանց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւած թենիսվումըն` ռուս Մարիա Շարափովա բաւական նեղ կացութեան մատնուեցաւ, երբ բացայայտուեցաւ, որ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին (նախորդ յունուարին) ան արգիլեալ խթանիչ դեղեր գործածած է:
Ներկայիս անորոշ է, թէ ան որքան ժամանակով պիտի կախակայուի, սակայն ան, չ՛ուզեր թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը այս ձեւով աւարտել:
Այս զարգացումին լոյսին տակ «Նայքի» հանրածանօթ վաճառանիշը անմիջապէս դադրեցուց անոր հետ համագործակցութիւնը` սպասելով քննութիւններուն շարունակութեան եւ վերջնական որոշումին: