Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 9-20 մարտին, Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, ուսումնական հաւաք մը պիտի կատարէ Ծաղկաձորի մէջ:
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 29 մարզիկներ (ներառեալ` 4 աղջիկներ):
Գլխաւոր մարզիչին պիտի օգնեն Արման Յարութիւնեան եւ աղջիկներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յարութիւն Նազարեան:
Նշենք, որ 7 ապրիլին Թուրքիոյ մէջ սկիզբ կ՛առնէ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային է ողիմպիական խաղերուն համար: