Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի երէկ ճանչցուեցաւ Իտալիոյ 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիչը:
Այս ընտրութիւնը կատարեցին Իտալիոյ մարզիչները, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ 48 տարեկան մասնագէտը երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Անոր կազմը 2014-2015 տարեշրջանին հանդիսացած էր Իտալիոյ ախոյեան: