Ռումանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի` Թերքու Մուրեշ – Փանտուրիա մրցումին ընթացքին արձանագրուեցաւ անսովոր կացութիւն մը:
Արդարեւ, դաշտին տիրոջ ֆութպոլիստները ստացան 4 կարմիր եւ 10 դեղին քարտ:
Հիմնական մարզիկներէն 9-ը, իսկ այլ մարզիկ մը փոխարինածներէն մէկը ստացան դեղին քարտեր:
Կարմիր քարտերէն երեքը ուղղակիօրէն տրուեցան, իսկ մէկը երկրորդ դեղին քարտէն ետք:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ onlinesport.ro կայքը, Ռումանիոյ իրաւարարներու յանձնախումբը այժմ կը քննարկէ կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարին` Քոնսթանթին Քոլթեսքուի կատարած այս քիչ մը տարօրինակ արարքը: