Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող խումբերը յաղթանակներ արձանագրելով ամրապնդեցին իրենց դիրքերը:
Անգլիոյ մէջ, Լայսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուաթֆորտի, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 5 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Թոթենհամի եւ Արսենալի վրայ, որոնք Լոնտոնի տերպիին հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ:
Մանչեսթըր Սիթի 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ասթոն Վիլայի, մինչ Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, յառաջիկայ տարեշրջանին գծով «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տոմս մը ապահովելու իր յոյսերը նուազեցուց` 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ուեսթ Պրոմուիչէն:
Պարսելոնա իր անպարտելիութեան շարքը վերածեց 36-ի` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էյպարի:
Անոր երեք մարզիկները` Մեսսի (35 կոլ), Սուարեզ (42) եւ Նէյմար (23), հարիւրի հասցուցին իրենց նշանակած կոլերուն հաշիւը` այս տարեշրջանին տեղի ունեցած բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին:
Պարսելոնա այժմ տարեշրջանի աւարտէն 10 հանգրուան առաջ 8 կէտի առաւելութիւն մը ունի Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Վալենսիայի:
3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ 12 կէտով ետ է Պարսելոնայէն, 7-1 արդիւնքով յաղթեց Սելթա Վիկոյին:
Գերմանիոյ մէջ, Պայէրն Միւնիխ հինգ կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Պորուսիա Տորթմունտը` շաբաթավերջին անոր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք:
Այլ մրցումի մը, Համպուրկ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Հերթա Պերլինի:
Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուսի եւ անոր անմիջական մրցակիցին` Նափոլիի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնաց երեք` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին, յաջորդաբար` Աթլանթայի (2-0) եւ Քիեւօ Վերոնայի (3-1) դէմ:
Ֆրանսայի մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Մոնփելիէի հետ:
Սակայն հակառակ այդ հաւասարութեան, Փարիզ Սեն Ժերմեն 23 կէտի առաւելութիւն մը ունի 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոյի հետ:


