
«Էն. Պի. Էյ.»ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, 112-95 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Կարեւոր յաղթանակով մը, Թորոնթոյէն վերադարձաւ Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 113-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռեփթըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 40 կէտ:
Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 32 կէտ, երբ անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 104-96 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միլուոքի Պաքսը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Միլուոքի Պաքս – Օքլահոմա Սիթի | 96-104 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 112-95 |
| Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 100-109 |
| Տենվըր Նակեթց – Տալաս Մավըրիքս | 116-114 |
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 123-103 |
| Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 103-98 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | 107-113 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Սան Անթոինօ Սփըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Միլուոքի Պաքս
Նիւ Օրլինզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օրլանտօ Մեճիք


