4-6 մարտին Հայաստանի ազգային հաւաքականին մաս կազմող տեղացի ֆութպոլիստները մասնակցեցան մարզական հաւաքի մը:
Հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ չկար Ալաշկերտի բերդապահ` Գէորգ Գասպարով:
ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Գասպարով ըսաւ.
«Տեղեակ չեմ, թէ ինչո՛ւ հաւաքական չհրաւիրուեցայ, թերեւս մարզիչը ուզեց փորձել այլ բերդապահներ: Ոեւէ մէկը ինծի հետ կապ չհաստատեց:
«Թէեւ չեմ գիտեր ճշգրիտ պատճառը, բայց պիտի շարունակեմ իմ սովորական փորձերս մարզական պատրաստուածութիւնս աւելի լաւ վիճակի մէջ պահելու համար:
«Հաւաքական չհրաւիրուիլս երբե՛ք պիտի չազդէ իմ տրամադրութեանս վրայ»: