«Մարքա» կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնան կը մտադրէ նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել ակումբի միջնապահ Քարլոս Պուսքեցին:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ակումբին նախագահը` Եոսիփ Փարթումէու, կ՛ուզէ Պուսքեցը դարձնել խումբին ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստներէն մէկը:
Կը կարծուի, որ Պարսա Պուսքեցին պիտի առաջարկէ տարեկան 16 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը: