
Երէկ` երեքշաբթի, 8 մարտին, Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ սկիզբ առաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնեն ազատ ոճի ըմբշամարտի 5 եւ յունահռոմէական ոճի 7 մարզիկներ, կը յայտնէ ArmSport.am-ը:
Ազատ ոճի ըմբիշները երէկ սկսան ախոյեանութեան, մինչ յունահռոմէական ոճի ըմբիշները պայքարը կը սկսին 12 մարտին:
Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեան, երէկ, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ.
«125 քկ դասակարգէն մասնակցող ազատ ոճի ըմբիշ Լեւան Պերիանիցէ, ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին վիրաւորուելով պիտի չմասնակցի այս ախոյեանութեան:
«Նկատի ունենալով, որ մեր դիմաց կան ողիմպիական խաղերը, չուզեցինք արկածախնդրական քայլ առնել, մանաւանդ որ ցարդ ան միակ ըմբիշն է, որ Ռիօ-2016-ի տոմս ապահոված է»:
Ախոյեանութենէն կը բացակայի նաեւ Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ):
Հայաստանի կազմը հետեւեալն է.
ԱԶԱՏ ՈՃ
Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ), Շամիր Աթեան (86 քկ), Անդրանիկ Գալստեան (97 քկ): Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան, փոխան 65 քկ-ի, հանդէս պիտի գայ 70 քկ-ի մրցումներուն:
ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃ
Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Միհրան Յարութիւնեան (66 քկ), Կարապետ Չայլեան (75 քկ), Ռաֆիկ Մանուկեան (80 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ) եւ Էդուարդ Խաչատրեան (130 քկ):
Միւս կողմէ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն ընթացքին Շամիր Աթեան (86 քկ), թէեւ յաջողեցաւ հասնիլ քառորդ աւարտական, սակայն պարտուելով իրաւունք ստացաւ պայքարիլ պրոնզ մետալին համար:
Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ) յաջողեցաւ հասնիլ քառորդ աւարտական, ուր մրցեցաւ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչին դէմ, սակայն պարտութիւն մը կրեց անկէ:


